Saturday, June 12, 2010

Հնազանդութեան
Ոսկի
Օղը

Եսայեայ 50.5-7

Ղուկ. 9


 

«Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ» յայտարարութիւնը առնչութիւն ունի աւանդութեան մը հետ որ հաստատուած է Ելից 21 եւ Բ. Օրինաց 15-ին մէջ: Ըստ այս հատուածներուն, անձ մը իր ծառան եօթներորդ տարին պէտք է ազատ արձակէր. « անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի» (Ելից 21.2), բացի այն պարագայէն՝ եթէ ծառան այդ մէկը չփափաքէր: Այսինքն՝ իբր սիրոյ արտայայտութիւն, ան մերժէր ազատ արձակուիլ. «Ես կը սիրեմ իմ տէրս եւ չեմ ուզէր ազատ ըլլալ»: Այս պարագային, տէրը իր ծառան՝ իր տան դրան պիտի մօտեցնէր եւ դրան վրայ ծառային ականջը հերիւնով պիտի խոցէր, եւ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կլոր ոսկի օղ մը պիտի կրէր՝ իբրեւ նշան, որպէսզի անոնք` որոնք զինք տեսնէին, գիտնային որ այս անհատը իր անձը իր տիրոջը նուիրած է ցկեանս: Եթէ այս պատկերը մեր միտքը ունենանք եւ Տէր Յիսուսի խաչելութեան նայինք, պիտի կարենանք տեսնել որ Տէր Յիսուս ալ խաչափայտին վրայ խոցուեցաւ՝ սիրոյ եւ նուիրումի իբրեւ նշան:

Ղուկ.9.57-62 համարներուն մէջ, կը կարդանք, թէ՝ Տէր Յիսուս Երուսաղէմի ճամբուն վրայ երեք անձերու կը հանդիպի, որոնց կը յորդորէ՝ շատ կարեւոր խրատներ տալով. խրատներ՝ որոնք կարեւոր են քրիստոնէական հոգեւոր կեանքին համար:

  1. Առաջին հանդիպումը՝ հմր. 57-58.

Չենք գիտէր, թէ՝ ի՞նչ բանն էր որ ոգեւորեց կամ քաջալերեց այս մարդը Տէր Յիսուսի մօտենալու եւ իր նուիրումը յայտնելու: Թերեւս հրաշք մը տեսած էր. թերեւս իր ընտանիքին անդամներէն մէկը բժշկուած էր. թերեւս Տէր Յիսուսի ուսուցումներուն մտիկ ըրած էր եւ ոգեւորուած էր Անոր խօսքերէն եւ ուզած էր Իրեն հետեւիլ. կամ թերեւս Տէր Յիսուսի շուրջը գտնուող ժողովուրդը տեսնելով՝ ուզած էր անոնց միանալ: Բայց զարմանալին այն է որ Տէր Յիսուս չի քաջալերէր զինք՝ Իրեն հետեւելու: Ինչո՞ւ. ստոյգ չենք գիտեր: Այս ուղղութեամբ կրնանք իմաստուն մարդու մը խօսքերէն մէջբերում մը ընել. «Կրնաս շատ մը անձեր որոշ ժամանակի համար խաբել, կրնաս մի քանի անձեր միշտ խաբել, բայց Տիրոջ առջեւ բոլոր սրտերը բաց են»: Շատ հաւանական է որ Տէր Յիսուս՝ նշմարելով այս մարդուն նուիրումին պակաս ըլլալը, կ'անտեսէ անոր յայտարարութիւնը, եւ ուղղակի նիւթին մէջ մտնելով՝ ձեւով մը ըսել կ'ուզէ. «Կ'ուզես հետեւի՞լ ինծի, բայց ես տեղ մը չունիմ այս աշխարհի մէջ որ իմս կրնամ կոչել, ոչ ալ տեղ մը ունիմ՝ քնանալու: Եւ ետքը 'Ուր որ երթա՞ս' կ'ըսես. պիտի հետեւի՞ս ինծի ուր որ երթամ, պիտի հետեւի՞ս ինծի մինչեւ Գողգոթայ»:

Հետաքրքրական բան մը կայ Տէր Յիսուսի կեցուածքին մէջ. Ան չի հրաւիրեր այս անձը իրեն հետեւելու, եւ երբ ան իր նուիրումը Իրեն կը յայտնէ, Տէր Յիսուս շատ կտրուկ ձեւով կը պատասխանէ անոր եւ իր ճամբան կը շարունակէ: Աստուածաբանական կարեւոր ճշմարտութիւն մը կարելի է տեսնել այս կէտին մէջ: Ոչ մէկը կրնայ իսկապէս Տէր Յիսուսի գալ, եթէ Սուրբ Հոգին զինք չառաջնորդէ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ...» (Յովհ.6.44 ): Այնպէս կը թուի որ շատ անձեր կան, որոնք եկեղեցի կու գան սխալ պատճառներով: Սուրբ Հոգին երբեք զիրենք Քրիստոսի չէ քաշած: Սուրբ Հոգին զիրենք չէ ծնած:

Այո, Տէր Յիսուս հետաքրքրուած է եկեղեցիին անդամակցութեամբ, Ան հետաքրքրուած է հաղորդական անդամներու թիւով, բայց Ան աւելիով հետաքրքրուած է նուիրուած աշակերտներով, որոնք զոհողութիւնը նկատի առնելով՝ պատրաստ են Քրիստոսի հետ զոհուելու, խաչը բարձրանալու, որպէսզի Իրեն հետ յարութիւն առնեն: Կեանքի մէջ այս կարեւոր որոշումը առա՞ծ ես: Հասկցա՞ծ ես որ դրախտէն առաջ գերեզման մը կայ եւ Քրիստոսի հետ պէտք է մտնել այդ գերեզմանը: Տէրը այսօր բոլորիս կ'ըսէ. «Պատրա՞ստ էք իմ հետս զոհուելու եւ խաչը բարձրանալու»: Գաղ 6.14-ին մէջ կը կարդանք. «Քաւ լիցի որ ես պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին»: Այս համարին մէջ երեք խաչելութիւններ յիշուած են: Առաջինը՝ Յիսուսի խաչելութիւնն է. Անոր խաչին մահը մեզի փրկութիւն ապահովեց: Երկրորդը՝ աշխարհի խաչելութիւնն է. անոր հաճոյքները, պատիւները, գանձերը, եւ որեւէ բան՝ որ արգելք կ'ըլլայ օրհնութիւններ վայելելու, պէտք է մերժուի: Երրորդը, մենք՝ հաւատացեալներս, խաչուած ըլլալով, ալ չենք ընդառաջեր աշխարհի փորձութիւններուն: Առաջին խաչը հիմքն է մեր փրկութեան, երկրորդը՝ մեր փրկութեան արդիւնքն է, իսկ երրորդը՝ մեր փրկութեան արդիւնքին գործադրութիւնն է՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Արդեօք կրնա՞ս վստահութեամբ յայտարարել Պօղոս Առաքեալին նման, թէ՝ կը պարծենաս Յիսուսի խաչով, եւ թէ աշխարհ խաչը ելած է քեզի համար, եւ դուն ալ՝ աշխարհին: Երանի՜ թէ բոլորս կարենայինք ձայնակցիլ Առաքեալին:

  1. Երկրորդ հանդիպումը՝ հմր. 59-60.

Այս անգամ Տէր Յիսուս Ինք կը հրաւիրէ անձ մը՝ ըսելով. «Եկուր իմ ետեւէս»: Բայց այս հրաւէրէն անմիջապէս ետք, բառի մը կը հանդիպինք, որ թերեւս ամենէն տխուր բառն է որ այսպիսի հրաւէրէ մը ետք կրնայ գալ. այս բառը՝ «ԲԱՅՑ» բառն է: Հայերէն թարգմանութեան մէջ այս բառը զանց առնուած է, բայց եթէ Յունարէն բնագրին նայինք, «de» բառը պիտի տեսնենք, որ «բայց» կը նշանակէ: Ուստի, Յունարէն բնագրին հաւատարիմ ըլլալու համար, պէտք է թարգմանել. «Բայց ան ըսաւ... »: Տէր Յիսուս հրաւիրեց. «Եկուր իմ ետեւէս», բայց ան ըսաւ...: Այս պարագային, այս անձը պատուական բան մը կ'ուզէր ընել իր հօրը նկատմամբ՝ որ թերեւս հիւանդ էր կամ ծեր էր եւ կ'ուզէր վստահ ըլլալ որ իր հայրը պատշաճ ձեւով պիտի թաղուէր: Ան նաեւ կ'ուզէր վստահ ըլլալ որ իր ընտանիքին համար ամէն բան ապահոված էր, առաջ որ քրիստոնէական արկածախնդրութեան սկսիլը: Պատուական կեցուածք մըն է այս մէկը, բայց երկու հարց կը տեսնենք.-

ա- Ոչ մէկ ձեւով հատուածը յստակ կ'ընէ, թէ՝ այս անձին հայրը երբ պիտի մահանար. կրնար ըլլալ որ այդ մէկը տարիներ տեւէր, եւ ուրեմն՝ այս անձը Տէր Յիսուսի հետեւելու պարագան տարիներ պիտի յետաձգէր: Նոյն հարցը այսօր ալ կը պատահի. տարբեր պատճառներով մարդիկ Տէր Յիսուսի հետեւելու որոշումը կը յետաձգեն:

բ- Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Տէր Յիսուսի աշակերտներն ալ «բայց»երով իրեն պատասխանէին: Կրնա՞նք ըսել որ անոնք գործ չունէին: Կրնա՞նք ըսել որ անոնք ընտանիքներ չունէին: Բայց երբ Տէր Յիսուս զիրենք հրաւիրեց, անոնք իրենց ուռկանները եւ գործը անմիջապէս ձգեցին եւ Իրեն հետեւեցան: Քարոզիչ William Barclay շատ գեղեցիկ վկայութիւն մը կ'ընէ, ըսելով, թէ՝ միակ բանը որ Մատթէոս աւետարանիչ իր հետը առաւ՝ իր գրիչն էր:

  1. Երրորդ հանդիպումը՝ հմր. 61, 62.

Առաջինին նման՝ այս անձը Տէր Յիսուսի հետեւելու իր փափաքը կը յայտնէ, բայց ետքը պայման կը դնէ (հմր. 61): Հետեւաբար, հարցնելու ենք, թէ՝ այս անձը ինչո՞ւ իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հրաժեշտ տալէ ետք չեկաւ Տէր Յիսուսի, ըսելու որ պատրաստ էր Իրեն հետեւելու: Յստակ է որ ան չէր ուզեր իր կեանքէն հրաժարիլ: Ուրեմն, երբ Տէր Յիսուս կ'ըսէ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ Թագաւորութեանը յարմար չէ», Ան ըսել չուզեր որ անձը արժանի չէ Իրեն հետեւելու, այլ թէ՝ մեր ետին նայելու եւ աշխարհին նայելու մեր միտումը կը յայտնէ որ մեր ներսիդին բաւարար չափով փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, բաւարար չափով պատրաստ չենք, եւ, թէ՝ մեր անձերը Սուրբ Հոգիին իշխանութեան տակ չենք դրած: Չենք կրնար Տէր Յիսուսի հետեւիլ եւ շարունակել մեր հին կեանքերը ապրիլ եւ մեր հին բարեկամութիւնները փնտռել: Հին բարեկամները՝ հին կեանք կը նշանակեն:

Առաջին անձը Տէր Յիսուսի հետեւելու փափաք յայտնեց. Տէր Յիսուս իրեն յստակացուց եւ պարզեց, թէ՝ իր փափաքածը ի՞նչ կը նշանակէր եւ ի՞նչ զոհողութիւն կը պահանջէր: Տէր Յիսուս երկրորդ անձը հրաւիրեց, որ սակայն, արգելքներ դրաւ: Իսկ երրորդ անձը, Տէր Յիսուսի հետեւելու իր փափաքը յայտնեց, բայց աշխարհը շատ սիրելուն համար պայմաններ դրաւ: Տէր Յիսուս այսօր ալ մեզի կ'ըսէ. «Իմ ետեւէս եկէ՛ք»: Եւ երբ մէկու մը կը հետեւինք, կ'երթանք ուր որ ան կ'երթայ եւ ուր ան կը ղրկէ: Ի՞նչ է մեր պատասխանը: Հնազանդութեան ոսկի օղը մեր ականջներուն վրայ կը կրե՞նք:

Յ.Ա.Ս.

Wednesday, June 9, 2010

Ինչպէ՞ս Կարելի է Իտէալ Զաւակներ Ունենալ

Ծննդոց 27.26-29

Անձ մը ըսած է. «Եթէ կը փափաքիք իտէալ ամուսիններ ունենալ, պէտք է դուք ալ ձեր ամուսիններուն իտէալ կիները ըլլաք: Նոյնպէս, եթէ կը փափաքիք իտէալ կիներ ունենալ, պէտք է դուք ալ իտէալ ամուսիններ ըլլաք»: Նոյն բանը կարելի է տարբեր ձեւով մեր զաւակներուն համար ըսել. որպէսզի օրհնութիւն ունենաք, պէտք է օրհնութիւն ըլլաք: Այլ խօսքով, եթէ կը փափաքինք զաւակներ ունենալ, որ օրհնութիւն ըլլան մեր ընտանիքին, շրջապատին, ազգին եւ եկեղեցիին, պէտք է զիրենք օրհնել: Օրհնութիւնները իրական են: Զգացում մը չէ՝ որ կ'ունենաս: Կարճ աղօթք մը չէ՝ որ ճաշէն առաջ կ'արտասանես: Զաւակներդ օրհնել կը նշանակէ գիտակցաբար բան մը ընել անոնց եւ իրենց համար: Կը նշանակէ՝ իրենց նկարագիրը կերտել:

Թէեւ մենք չենք կրնար մեր զաւակներուն ապագան որոշել, բայց այդ ուղղութեամբ կրնանք կարեւոր դեր խաղալ: Նայինք Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ծնողքին դերը. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ. 22.6): Շատ մը բաներ կան, զորոնք կրնանք ընել՝ զիրենք շիտակ ճամբուն մէջ դնելու համար: Կրնանք իրենց օրհնութիւն ըլլալ, եւ իրենք ալ իրենց կարգին՝ օրհնութիւն պիտի ըլլան:

Աստուածաշունչի ժամանակներուն օրհնութիւններ լուրջի առնուած էին: Անոնք պարզապէս քաղցր զգացումներ չէին: Եկէք նայինք օրհնութեան իմաստին որ կը փոխանակուէր հօր մը՝ Իսահակի, եւ իր զաւկին՝ Յակոբի միջեւ:

  1. Օրհնութեան առաջին բաժինը կարեւոր տարր մը կը պարունակէր՝ նշանակալից հպում մը.

Մենք ստեղծուած ենք հպումի կարիքով: Եթէ զաւակներ ունինք, արդէն անդրադարձած պիտի ըլլանք, թէ՝ հպումը որքան կարեւոր տեղ կը գրաւէ մեր յարաբերութեանց մէջ: Կը գրկենք զիրենք, կը համբուրենք, կը խտղտենք, իրենց գլուխը կը շոյենք, իրենց վարդագոյն այտերը կը սեղմենք: Բայց գիտնալու ենք որ հպումը միայն հաճոյքի համար չէ. ամէն տեսակի մանուկներ, նորածինէն մինչեւ 100 տարեկան, պէտք ունին անոր:

Սերտողութիւններ կը յայտնեն, թէ՝ հպումը ֆիզիքական օգտակարութիւններ ունի. արենագնդինին (hemoglobin) քանակը կ'աւելցնէ, որ իր կարգին թթուածինի քանակը, եւ հետեւաբար՝ ոյժի քանակը կ'աւելցնէ, որ կ'օգնէ որ մարմինը ինքզինք բուժէ: Օրինակի համար, այն նորածինները, որոնք 10 օր՝ օրական 45 վայրկեան մերձումի ենթարկուած են, 47% աւելի կշիռք դրած են: Alzheimer-է տառապող հիւանդները, որոնք նշանակալից հպում ստացած են, իրենց ճաշի քանակը աւելցուցած են, կշիռք դրած եւ աւելի նուազ ջղագրգիռ դարձած են: Գրադարանի պաշտօնեաները նկատած են, թէ՝ եթէ գիրք առնող աշակերտներուն ձեռքին դպչին, անոնք գրադարանը եւ գիրքը աւելի կը սիրեն:

Ամէն մարդ կարիքը ունի հպումի, յատկապէս՝ մանուկները: Սերտողութիւններ օրէ օր աւելի կը հաստատեն այն իրողութիւնը, թէ՝ եթէ մենք մեր մանուկներուն նշանակալից հպում չտանք, անոնք ուրիշ տեղ պիտի փնտռեն զայն: Հոգեբաններ կը հաստատեն, թէ՝ պոռնիկներուն մեծամասնութիւնը այս սխալ ընթացքը առած են, որովհետեւ իրենց մանկութեան անոնք այդ նշանակալից հպումի օրհնութիւնը չեն ստացած իրենց ծնողներէն: Միասեռականներ ունեցած են հայրեր՝ որոնք սէր չեն յայտնած եւ միշտ բացակայ եղած են իրենց կեանքերէն:

Տէր Յիսուս ալ կը փափաքի դպչիլ (Մարկ.1.40-42): Բորոտութիւնը ահռելի հիւանդութիւն մըն էր, որ վէրքեր կը յառաջացնէր եւ մարմինը կը փտեցնէր: Այս պատճառով մարդիկ բորոտներէ կը խուսափէին, բայց Տէր Յիսուս անոնց նկատմամբ յատուկ հետաքրքրութիւն կը յայտնէ եւ կը դպչի անոնց: Հետեւաբար, իբր ծնողներ, պէտք չէ ձգենք որ մեր զաւակները զգացական բորոտներ դառնան: Օրհնելու ենք զիրենք նշանակալից հպումներով, նոյնիսկ պատանի մեր զաւակները, որոնք մեր համբոյրները իրենց այտերէն կը սրբէն եւ իրենք զիրենք նեղացած կը ձեւացնեն:

2- Խօսքով

«Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, անոնք որ զայն կը սիրեն անոր պտուղը կ'առնեն» (Առակ. 18.21):

    Նոյնիսկ այն բաները որ կը մերժենք ըսել, ազդեցութիւն ունին մեր զաւակներուն վրայ. եթէ բերանացի զիրենք չենք օրհներ, շատ կարեւոր պէտք մը իրենց կը զլանանք.     «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա: Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ» (Առակ.3.27):

ա. Դիմացինին մէջ արժանիքներ տեսնելով եւ զայն բարձրացնելով.

Գիտենք որ երբ անձ մը պարտէզէն տուն վերադառնայ, ան շատ լաւ չի հոտիր: Բայց հակառակ ասոր, Իսահակ Յակոբի չըսաւ՝ «այս ինչ գէշ կը հոտիս», այլ այդ հոտին մէջ տեսաւ կորով եւ աշխատած եւ օրհնեց զայն: Մենք ալ կրնանք արժանիքներ տեսնել մեր զաւակներուն մէջ եւ օրհնել զիրենք:

բ. Փայլուն ապագայ պատկերացնելով.

Իսահակ իր օրհնութեան մէջ իր զաւակը առաջնորդ պատկերացուց. անձ մը որուն ուրիշներ պիտի խոնարհէին: Այս մէկը ըսել էր որ իր զաւկին ձիրքերը եւ տաղանդները զինք բարձր տեղեր պիտի հասցնէին:

Մենք շատ անգամ մեր զաւակներուն ապագային մասին կը խօսինք եւ ընդհանրապէս անուղղակիօրէն զիրենք կ'օրհնենք, երբ օրինակի համար ըսենք. «Շատ օգտակար անձ մըն ես, Աստուած քեզի զգայուն սիրտ մը տուած է»: «Կը սիրես մարդոց օգնել», «Արագ կը հասկնաս», «Օ՜, ինչ լաւ ես այդ մարզին մէջ»: Այսպիսի դրական խօսքերով մենք մեր զաւակները կ'օրհնենք: Սակայն, հակառակն ալ ճիշդ է: Նոյնպէս անիծած կ'ըլլանք զիրենք հետեւեալ խօսքերուն նման խօսքերով. «Դուն անպատասխանատու անձ մըն ես», «Ապագային ինչպէ՞ս պիտի յաջողիս՝ չեմ գիտեր», «Ապագային ի՞նչ պիտի ըլլաս՝ չեմ գիտեր», «Կարծր գլուխ ունիս», «Միշտ այսպէս ապուշ պիտի մնաս»: Պզտիկներ ամէն բան բառացի կ'առնեն, ուստի ամէն բառ որ կը գործածենք լուրջի կ'առնեն. Երբ բան մը ըսենք իրենց մասին, յատկապէս իրենց ապագային մասին, կը հաւատան մեզի: Հետեւաբար, օրհնենք մեր զաւակները յատուկ ապագայ մը պատկերացնելով իրենց: Օրհնենք զիրենք իմաստալից հպումներով: Եթէ կը փափաքինք օրհնեալ զաւակներ ունենալ, պէտք է առաջին հերթին օրհնել զիրենք:

Յ.Ա.Ս.

Saturday, May 15, 2010

Պատրաստ
Ըլլալ

Մատթ. 25.1-13


 

Իր յարութենէն քառասուն օրեր ետք, Տէր Յիսուս վերջին անգամ ըլլալով իր աշակերտներուն կը յայտնուի ձիթենեաց լերան վրայ, եւ իրենց կ'ըսէ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»: Եւ մինչ Ան այս խօսքերը կ'ըսէր, երկինք կը համբառնայ եւ երկու ճերմակ հանդերձներով մարդեր անոնց կ'ըսեն. «... այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը» (Գործք 1.8-11): Ուստի, այդ օրէն ի վեր շատ մը քրիստոնեաներ ի զուր կը փորձեն Քրիստոսի վերադարձին թուականը գուշակել:

Ծանօթ քրիստոնեայ մը գրած է. «Վերջին օրերը հասած են: Լաւ կշռեցէ՛ք ժամանակները: Փնտռեցէ՛ք Զայն որ ամէն ժամանակներէ վեր, յաւիտեան եւ անտեսանելի է»: Այս մէկը գրուած չէ արդի ժամանակներու մարգարէի մը կողմէ, այլ եկեղեցական հայրերէն՝ Իկնադիոսի կողմէ, Ք.Ե. 110 թուականին, Յովհաննէս Առաքեալի «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը գրելէն միայն տասնեակ մը տարիներ ետք: Ուրիշ քրիստոնեայ մը գրած է. «Կասկած չկայ որ Անդիքրիստոսը ծնած է: Ներկայիս պատանեկութեան իր տարիներուն մէջ գտնուելով՝ կատարեալ իշխանութիւն ձեռք պիտի ձգէ, երբ չափահասութեան հասնի»: Այս խօսքը արձանագրուած է Մարթին անունով հեղինակաւոր քրիստոնեայի մը կողմէ, Ք.Ե. 375 թուականին: Եկեղեցիին վաղեմի հայրերէն, Հիբոլիթըս, Ք.Ե. 236 թուականին գրած էր, թէ՝ Քրիստոս վստահաբար Ք.Ե. 500 թուականին պիտի վերադառնար: 1500-ական թուականներուն Մարթին Լուտեր գրած է. «Յայտնութեան ճերմակ ձիուն ժամանակը հասած է: Այս աշխարհը աւելի երկար պիտի չդիմանայ... հարիւր տարիէն աւելի»: Շատ քիչեր գիտեն, թէ՝ Քրիստոֆըր Քոլոմպոս Սուրբ Գրային մարգարէութեան աշակերտ էր: Ան հատոր մը գրած է՝ որ կը կոչուի «Մարգարէութիւններու Գիրքը», որուն մէջ ան կը գուշակէ, թէ՝ աշխարհը վերջ պիտի գտնէ 1656-ին: Ան նոյնիսկ գրած է. «Կասկած չկայ թէ աշխարհը վերջ պիտի գտնէ 155 տարիէն»: 1666-ին մեծ աճ կ'արձանագրէ վերջին ժամանակներու տեսութիւնները: Հովիւ մը իր յուշատետրին մէջ կը գրէ, թէ՝ ամէն անգամ որ փոթորիկ մը պատահի, իր ժողովուրդը եկեղեցաշէնք պիտի երթար Քրիստոսի Երկրորդ գալուստին սպասելու: 1800-ական թուականներուն Ուիլիըմ Միլըր անունով անձ մը կը գուշակէ Քրիստոսի գալուստը: Ան գալուստի թուականը կը ճշդէ, որ պիտի պատահէր Մարտ 1842-էն Մարտ 1843-ի միջեւ: Միլըրականներուն յոյսերը ի դերեւ կ'ելլեն, երբ բան մը չի պատահիր: Բայց հակառակ ասոր, անոնք գուշակելու ուրիշ փորձեր ալ կ'ընեն, յաջորդող տարիներուն: Այս թուականներէն մէկուն, Միլըրական եղբայրներէն մէկը հետեւեալ յայտարարութիւնը կը դնէ իր խանութին ցուցափեղկին վրայ. «Խանութը գոց է՝ ի պատիւ Թագաւոր Թագաւորացին, որ պիտի յայտնուի 20 Հոկտեմբերին: Պատրաստուեցէք եղբայրներ, Զինք Տէր յայտարարելու»: 200 անձեր քաղաքը կը ձգեն: Անոնք կը սպասեն, բայց բան մը չի պատահիր: Հինգ տարի ետք, անոնք ուրիշ թուական մը կ'որոշեն: Անշուշտ, գուշակութիւններու շարքը երկար է, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Բայց Տէր Յիսուս շատ մը առիթներով այս երեւոյթին մասին զգուշացուց Իր հետեւորդները, ինչպէս նաեւ՝ այսօրուան առակով:

Տէր Յիսուսի օրերուն, փեսան էր որ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը կ'ըլլար: Իսկ ներկայ օրերուս, հարսն է որ մարդոց ուշադրութեան կեդրոնը կը գրաւէ: Ամէն մարդ անոր հասնելուն կը սպասէ: Ամէն մարդ ոտքի կը կայնի, երբ ան եկեղեցի մտնէ: Ամէն մարդ անոր գեղեցիկ հագուստին կը նայի: Իսկ փեսան, այն անձ է որ եկեղեցիին մուտքին կեցած՝ կը քրտնի, որ բաւարար չափով բախտաւոր է գեղեցիկ հարսին սէրը շահելու: Ներկայ ձեւը կրնանք նախընտրել, բայց Տէր Յիսուսի օրերուն, պարագան այսպէս չէր: Ամէն մարդ փեսային կը սպասէր: Սովորութիւն էր որ հարսնքոյրերը փեսային սպասէին, որ գալով զիրենք խրախճանքի կը մտցնէր: Սովորութիւն էր նաեւ որ փեսան բանակցութեան մէջ մտնէ հարսին ծնողքին հետ, որոշելու համար այն նուէրը զոր փեսան պիտի տար՝ իրենց աղջկան փոխարէն: Շատ անգամ այս բանակցութիւնները կ'երկարէին, եւ հարսնքոյրեր երկար ժամանակ փեսային կը սպասէին: Տէր Յիսուսի պատմութեան մէջ, փեսային ուշացումը նոյն պատճառով կրնայ ըլլալ: Այսպիսի ուշացումներուն, անոնք պէտք էր որ պատրաստ ըլլային, որպէսզի փեսան զիրենք ներս առնէր: Բայց եւ այնպէս, իրենցմէ հինգը պատրաստ չէր: Անոնք ժամանակը ունէին պատրաստուելու, բայց չէին պատրաստուած: Երբ վերջին վայրկեանին կը փորձեն պատրաստուիլ, փեսան կու գայ եւ պատրաստ եղողները ներս կ'առնէ: Թէեւ անոնք իւղով կը վերադառնան, բայց իրենց համար այլեւս ուշ էր: Այս է առակին միտքը՝ պատրաստ ըլլալ: Ինչ որ իւղը ներկայացնէ՝ հաւատք, Սուրբ Հոգին կամ Քրիստոնէական նկարագիր, կարեւոր չէ, որովհետեւ մէկը՝ միւսը կը սնուցանէ: Հիմնական պատգամը պատրաստ ըլլալու մասին է:

    Պէտք է պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ Տէր Յիսուս գողի պէս պիտի գայ (Ա. Թես. 5.2-4): Պէտք է պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ կարգ մը բաներ կան որ փոխ չես կրնար առնել. ո՛չ հաւատք (Քրիստոսով յարաբերութիւն Աստուծոյ հետ) եւ ո՛չ ալ նկարագիր, որ Սուրբ Հոգին կը յառաջացնէ մեր մէջ: Պէտք է պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ քու ներկայ ընտրութիւններդ կը յայտնեն քու հաւատքդ եւ նկարագիրդ: Վաղուան մասին երաշխաւորութիւն չունինք: Պատրա՞ստ ենք հիմա:

Յ.Ա.Ս.

Wednesday, April 21, 2010

Առանձնաշնորհումներուդ
Համաձայն
Չապրելու
Գինը

Դատաւորաց 14


 

Կարգ
մը
մարդիկ
չքաւորութեան
մէջ
կը
ծնին
եւ
մեծ
յաջողութիւններ կ'արձանագրեն.
իսկ
ուրիշներ՝
առանձնաշնորհումի
մէջ
եւ շատ
մը առաւելութիւններով կը
ծնին, բայց
յաջողութիւն
չեն
գտներ: Սամփսոն
այսպիսի
անձ
մըն
էր: Ան
իր
ազգին
կեանքին
յատկանշական
մէկ ժամանակաշրջանին
մէջ ծնաւ: Անոնք
եօթը
անգամներ
Աստուծոյ
դէմ
ապստամբած
էին: Այս
անգամ,
Տէրը
զիրենք
փղշտացիներուն
միջոցով՝
քառասուն
տարիներ
պատժած
էր: Անոնք
իրենց
ամենէն
գէշ
թշնամիներն
էին:

Սամփսոն «արեւալոյս» կը
նշանակէ: Իր
ազգին
ամենէն
մութ
օրերուն
մէջ՝
արեւալոյսը
աշխարհ
կու
գայ: Ան
Նազովրեցի
էր՝
որ
ուխտաւոր
կը
նշանակէ: Աստուծոյ
զօրութիւնը
իր
վրան
էր: Առիթով
մը՝
ան
հազար
փղշտացիներ
կը
սպաննէ: Ուրիշ
առիթով մը, ան քաղաքին
դրան
փեղկերը
երկու
սեմերով
կռնակը
առնելով՝
լեռ
կը
հանէ
զանոնք, եւ
իր
ձեռքերով
առիւծ
մը
կը
սպաննէ:

Անոր
զօրութիւնը
միայն
ֆիզիքական
չէր, այլ
եւ՝
մտային
եւ
հոգեկան: Սրամիտ
էր՝
հանելուկներ
կը
սիրէր,
եւ
զուարճամիտ, բայց
իր
պատմութիւնը
ուրախ
պատմութիւն
մը
չէ, այլ՝
ողբերգութիւն
մը: Հերոս
մըն
էր՝
որ
չքացաւ.
յաղթող
մըն
էր՝
որ
յաղթուեցաւ: Անհնազանդութիւն, պարտութիւն, անպատւութիւն
եւ
կործանում
բառերը
զինք
լաւ կը նկարագրեն: Անոր
կոչումն
էր
Աստուծոյ
թշնամիներուն
հետ
պատերազմիլ, բայց
շատ
անգամ,
ան՝ անոնց
հետ
եղբայրակցեցաւ: Օրուան
ընթացքին՝
Աստուծոյ
պատերազմները
կը
պատերազմէր, բայց
գիշերով
Աստուծոյ
օրէնքները
կը
բեկանէր: Արեւալոյս
էր
անունը՝
որ
լոյսի
մասին
կը
խօսի, բայց
իր
վերջը
խաւարի
մէջ
էր, երբ
անոր
աչքերը
փորեցին: Ի՞նչ
էր
այս
դժբախտութեան
պատճառը.-

1. Սամփսոն
իր
ծնողները
անպատուեց

Ան
Աստուածավախ
ծնողներ
ունէր, որոնք
աղաչեցին
եւ
խրատեցին
զինք՝
. Կորն. 6.14-ին
մէջ
յիշուած)
օտարախառն
լուծէն
զգուշանալու.
բայց
ան՝
անոնց
մտիկ
չըրաւ: Հոս
տեղին
է
յիշել
հինգերորդ պատուիրանը. «Պատուէ
քու
հայրդ
ու
մայրդ, որպէսզի
քու
օրերդ
երկայն
ըլլան
այն
երկրին
մէջ, որ
քու
Տէր
Աստուածդ
կու
տայ
քեզի» (Ելից 20.12): Սամփսոն
անպատուեց
իր
ծնողները
եւ
երիտասարդ
մահացաւ:

2. Սամփսոն
իր
խոստումները
անտեսեց

Ան
ուխտաւոր
էր: Ան
չէր
կրնար
գինի
խմել,
ոչ
ալ
որթին
պտուղէն
ուտել: Ան
չէր
կրնար
դիակի
մօտենալ՝
ոչ
անասունի
եւ
ոչ
ալ
մարդու.
ան
իր
մազերը
չէր
կրնար
ածիլել: Բայց
հակառակ
ասոնց՝
ան
այգի
կ'երթայ (14.5) եւ առիւծին
դիակը
կը
ձեռնէ (14.8): Հոս
կրնանք
առարկել,
եւ
ըսել, թէ՝
պատահածը
մեծ
բան
մը
չէ: Այո, բայց
մեղքն
ալ
այսպէս
մուտք
կը
գործէ: Պզտիկ
աղուեսներն
են՝
որ
այգին
կ'աւրեն: Սամփսոն
կրնայ
յիշեցնել մեզի
Ղովտը: Ղովտի
անկումը
ինչպէ՞ս
սկսաւ. երբ
ան աչքերը
դէպի
Սոդոմ
ողղեց.
նախ
իր
աչքերը
հոն ուղղեց, ետքը
հոն
ուղղուեցաւ, ապա՝
իր վրանը
քաղաքին
մօտերը
տնկեց,
եւ
վերջաւորութեան՝
ինքզինք
պարիսպներէն
ներս
գտաւ: Որքան
մեղքի
մէջ
խորանաս՝
այքան
աւելի
կը
կուրնաս: Սամփսոն
կոյր
էր՝
իր
աչքերը
կորսնցնելէն
շատ
առաջ:

3. Սամփսոն
իր
նպատակը
խեղաթիւրեց

Իր
պսակին, բոլոր
հիւրերը
փղշտացիներ
էին (14.10-14): Ան
սխալ
ամբոխին
հետ
էր. «Իմաստուններուն
հետ
քալողը
իմաստուն
կ'ըլլայ, բայց
անմիտներուն
ընկերակցողը
չար
կ'ըլլայ» (Առակ.13.20): Այն
հանելուկը՝
զոր
ան
կը
հարցնէ,
իր
անձնական
փորձառութեան
վրայ
հիմնուած
էր: Անկարելի
էր
որ
անոնք
պատասխանը
գիտնային՝
առանց
իրեն
պատահածը
գիտնալու: Հետեւաբար, անոնք
իր
կնոջ
կ'երթան,
որպէսզի
ան
համոզէ
զինք,
որ
պատասխանը
տայ: 15-րդ
համարին
մէջ
անոնք
կնոջ
կը սպառնան. այն
ատեն
է
որ
կինը
արցունքներուն
կը
դիմէ
(հմր.16). իսկ 17-րդ
համարին
մէջ՝
Սամփսոն
պատասխանը
կու
տայ: Սամփսոն
կրնար
բանակի
մը
դէմ
կենալ, բայց
ոչ՝
լացող
կնոջ
մը:

Սամփսոն
թշնամիին
հետ
խաղ
կը
խաղար: Ան
Աստուծոյ
պատերազմը
չէր
պատերազմեր, այլ՝
իր
անձնականը: Աստուած
մեզի
շատ
մը
կարողութիւններ
տուած
է, եւ
մենք
պէտք
չէ
պոռնկացնենք
մեր
անձերը
եւ
սխալ
նպատակներու
համար
գործածենք
զանոնք, այլ՝
միայն
Աստուծոյ:

4. Ան
իր
սրբութիւնը
պղծեց (16.1-4)

Ան
իր
սրբութիւնը
պղծեց՝
երբ
աչքը
պոռնիկ
կիներու
վրայ
դնելու
սկսաւ: «Կնոջ
հետ
շնութիւն
ընողին
խելքը
պակաս
է: Այս
բանը
ընողը
իր
հոգին
կը
կորսնցնէ» (Առակ.6.32): Մեղքը
քու
ակնկալածէդ
անդին
կը
տանի
քեզ, քու
ծրագրածէդ
աւելի
կը
պահէ
քեզ
եւ
քու
ծրագրածէդ
աւելի
կ'արժէ
քեզի:

5. Սամփսոն
իրեն
վստահուած
շնորհքը
չի
կրցաւ
պահել (16.4-21)

Սամփսոն
Դալիլային
քովն
է.
ան
կը
փորձէր
իր
զօրութեան
գաղտնիքը
իմանալ. «Եթէ
զիս
եօթը
հատ
չչորցած
թարմ
ջիլերով
կապեն», «Եթէ
զիս
նոր
ու
չգործածուած
չուաններով
աղէկ
մը
կապեն», «Եթէ
գլխուս
եօթը
բաժին
մազերը
աղբով
հիւսես»: Նշմարելի
է
որ
ան
իրականութեան
կը
մօտենար: Սատանան
կ'ուզէ
որ
մենք
պզտիկ
քայլեր
առնենք
դէպի
իր
ուղղութիւնը:

Վերջապէս, ան
տեղի
կու
տայ
եւ
իրականութիւնը
կ'ըսէ: Ան
իր
ուխտին
վերջին
բաժինն
ալ
կը
բեկանէ: Հիմա
շատ
ուշ
էր: Եւ
հոս մենք
ամենէն
տխուր
համարին
կը
հանդիպինք. «Անիկա
չէր
գիտեր
թէ
Տէրը
իրմէ
գացեր
էր»: Շատեր
չեն
գիտեր, թէ՝ որքա՜ն
պաղած
են
իրենց
հաւատքի
կեանքին
մէջ
եւ, թէ՝
որքա՜ն
հեռացած
են
Աստուծմէ: Աստուած Իր շնորհքները եւ օրհնութիւնները առատապէս մեր վրայ թափած է, եւ Ան կ'ուզէ որ այս առանձնաշնորհումներուն համաձայն կեանքեր ապրինք: Սամփսոնին անկումին պատճառը այս էր. ան իր առաձնաշնորհումներուն եւ նպատակին համաձայն չապրեցաւ:

Յ.Ա.Ս.

Saturday, April 10, 2010

Մարիամ՝ Առաքեալներուն Առաքեալը

Յովհ. 20.11-18

Վերոնշեալ հատուածով՝ ականատես կ'ըլլանք այն հանդիպումին եւ այն գեղեցիկ խօսակցութեան, որ տեղի կ'ունենայ յարուցեալ Քրիստոսի եւ Մարիամ Մագդաղենացիի միջեւ, որուն աւարտին Տէր Յիսուս Մարիամի պարտականութիւն մը կը վստահի՝ ըլլալու առաքեալներուն առաքեալը. «Գնա՛ եղբայրներուս...»:

Սակայն, հարցնելու ենք, թէ՝ Տէր Յիսուս առաքելութեան այս առանձնաշնորհումը ինչո՞ւ Մարիամի կը շնորհէ:

Տէր Յիսուս ի՞նչ տեսաւ Մարիամի մէջ:

Ի՞նչ գիտենք Մարիամի մասին.-

1. Տէր Յիսուսի կը ծառայէր.

«Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու: Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովհաննէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը» (Մատթ. 27.55-56):

2. Տէր Յիսուսի եւ աշակերտներուն նիւթապէս կ'օժանդակէր.

«Նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկուեր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ'ընէին» (Ղուկ. 8.2-3):

3. Տէր Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման ներկայ էր, մինչ աշակերտները փախուստ տուած էին:

4. Ան առաջինն էր որ գերեզման կ'երթայ. «Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ'երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է» (Յովհ. 20.1):

5. Միակն է որ նոյն օրը երկու անգամ գերեզման կ'երթայ (Յովհ. 20):

6. Ան յատուկ եւ սերտ յարաբերութիւն մը ունէր Տէր Յիսուսի հետ:

«Յիսուս ըսաւ անոր. 'Մա՛րիամ': Ան ալ դարձաւ ու Եբրայեցերէն անոր ըսաւ. 'Ռաբբունի', որ Վարդապետ ըսել է» (Յովհ.20.16):

Ռաբբունի, աւելի շեշտակի ձեւն է Ռաբբի բառին, որ բացի այս պարագայէն, Նոր Կտակարանին մէջ միայն Մարկ.10.51–ին մէջ կը գործածուի, կոյր Բարտիմէոսի պատմութեան մէջ. «Յիսուս ըսաւ անոր. 'Ինչ կ'ուզես որ քեզի ընեմ'. կոյրը ըսաւ. 'Ռաբբունի, կ'ուզեմ որ աչքերս բացուին'»:

Թէեւ Ռաբբունի բառը վարդապետ կամ ուսուցիչ կը նշանակէ. բայց հին եբրայեցերէնի մէջ, 'Ռաբբունի' աղօթքներու մէջ կը գործածուէր, երբ անձ մը Աստուծոյ կը կանչէր:

Հետեւաբար, կարգ մը աստուածաբաններ կը հաւատան որ Մարիամ Տէր Յիսուսի աստուածութիւնը կը շեշտէ 'Ռաբբունի' բառը գործածելով:

Ուստի, իր հաւատարմութեան համար Մարիամ առաջին անձը կ'ըլլայ որ յարուցեալ Տէրը կը տեսնէ, որ զինք առաքեալներուն առաքեալը կ'ընէ. առաջին անձը՝ որ Տէր Յիսուսի յարութեան լուրը աշակերտներուն կը բերէ:

Ինչպէ՞ս է մեր յարաբերութիւնը Յիսուսի հետ: Մոռնալու չենք, որ Մարիամի նման, մեր յարաբերութենէն եւ հաւատարմութենէն կախեալ է մեզի վստահուած առաքելութիւնը:

Սակայն, հակառակ իր հաւատարմութեան, Մարիամ Տէրը չի կրնար ճանչնալ, որովհետեւ.-

1- Ան կու լար, որուն իբր հետեւանք պղտորած էր տեսողութիւնը: Յունարէն օգտագործուած բառը ողբալ եւ բարձրաձայն լալ կը նշանակէ:

Այս նոյն բառը գործածուած է Յովհ.11.33-ին մէջ, Տէր Յիսուսի յուզմունքը նկարագրելու՝ Ղազարոսի մահուան պատճառով:

2- Աչքը եւ կեդրոնացումը գերեզմանին վրայ էր.

«Յիսուս ըսաւ անոր. 'Մա՛րիամ': Ան ալ դարձաւ...»: Եկեղեցին ալ շատ անգամ իր վիճակը կ'ողբայ, որուն իբրեւ հետեւանք, իր տեսիլքը կը պղտորի:

Առաջին եկեղեցիին վիճակն ալ նոյնն էր Տէր Յիսուսի խաչելութենէն ետք. «Յիսուս Մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր: Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ'ընէին ու կու լային: Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին» (Մարկ.16.9-11):

Անոնք կ'ողբային, փոխանակ Տէր Յիսուսի յարութեան լուրը տարածելու:

Ուստի՝ երբ հաւատացեալին եւ եկեղեցիին կեդրոնացումը գերեզմանին, իր կորսնցուցածին կամ չունեցածին վրայ ըլլայ, ան իր Փրկիչը պիտի չկրնայ տեսնել, անոր տեսիլքը պիտի պղտորի եւ իր ծառայութիւնը պիտի կաղայ:

Այսօր, մեր կեդրոնացումը յարուցեալ Քրիստոսի վրայ պէտք է ըլլայ, որ կ'ըսէ. «Գացէ՛ք եղբայրներուս եւ քոյրերուս»:

Այսօր, յարուցեալ Քրիստոսը կը քարոզենք:

Յ.Ա.Ս.

Փորձութիւն

Ղուկ.4.1-13


 

Ի՞նչ է փորձութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել զայն: Անձ մը ըսած է. «Փորձութիւնը խոստումներով լեցուն է. ան հաճոյք, զօրութիւն եւ առատութիւն կը հայթայթէ»: Այս պատճառով է որ շատ մը անուշեղէններ կոչուած են հրապոյր (seduction) կամ փորձութիւն (temptation) եւ ասոնց նման տարբեր անուանումներով: Օսքար Ուայլտ ըսած է. «Միակ ձեւը փորձութենէ ձերբազատելու՝ անոր ենթարկուիլն է»: Այո, մենք իսկապէս կրնանք փորձութենէ ձերբազատիլ՝ անոր ենթարկուելով. բայց չենք կրնար դիւրութեամբ անոր հետեւանքներէն խուսափիլ: Օրինակի համար, շատակերութեան փորձութենէն կարելի է ձերբազատիլ՝ անոր ենթարկուելով, բայց անոր հետեւանքներէն չենք կրնար դիւրութեամբ խուսափիլ: Հետեւանքը նոյնքան գեղեցիկ չէ, ինչպէս փորձութիւնը կամ փորձութեան ատեն ներկայացուած խոստումները: Շատեր այս մէկը անձնական ցաւալի փորձառութիւններու միջոցով գիտեն: Անշուշտ կրնանք ենթադրել որ ոեւէ գիտակից անձ, երբ փորձութեան մը անբաղձալի հետեւանքները նկատի առնէ, աւելի զգուշութեամբ պիտի վարուի այդ փորձութեան հետ: Սակայն, դժբախտաբար, պարագան միշտ ալ այսպէս չէ եղած: Իսկ երբ սխալը գործենք, շատ անգամ սխալը սատանային կը վերագրենք: Սակայն, սատանան չի կրնար մեզ ստիպել՝ սխալը գործելու: Ան խելացի կրնայ ըլլալ, բայց ամենակարող չէ: Սատանան կը յաջողի, որովհետեւ վարպետ ձկնորսի կը նմանի.-

1- Սատանան խայծը կը դնէ, ինչպէս վարպետ ձկնորս մը, որ գիտէ ձուկերուն սովորութիւնները, եւ անոնց գտնուած վայրերը (ուր եւ ինչպէս մեր ժամանակը կ'անցընենք): Եւ կարթը կը պատրաստէ եւ ճիշդ ձուկին քթին առջեւ կ'իջեցնէ:

2- Ցանկութիւնը կու գայ, բայց ինչպէս վարպետ ձկնորս մը, նոյնպէս սատանան չի կրնար ստիպել մեզ: Բայց ան գիտէ ինչ կը պատահի մեր ներսիդին, երբ խայծը տեսնենք: Մեր մարդկային բնութիւնը մեզի հակառակ գործելու կը սկսի՝ մեզ, մեր մտածողութիւնը եւ մեր երեւակայութիւնը ամբողջովին գրաւելով:

3- Պայքարը կը սկսի: Մեր խիղճը անմիջապէս կը զգուշացնէ մեզ վտանգին մասին: Գիտենք որ սխալ է տեղի տալը, նոյնիսկ շատ անգամ կը տեսնենք հետեւանքները խայծին մէջ իսկ, սակայն, հրապոյրը շատ անգամ աւելի զօրաւոր կը թուի ըլլալ:

4- փորձութիւնը վերջ կը գտնէ՝ կամ անոր տեղի տալով կամ զայն յաղթահարելով:


 

Հետեւաբար, ի՞նչ կրնանք ընել: Օգտակար է հարցնել, թէ՝ փորձութիւնը ե՞րբ պատահեցաւ:

ա. Տէր Յիսուսի մկրտուելէն ետք, երբ Աստուած ըսաւ. «Այս է իմ Որդիս որուն հաւներ եմ»: Փորձութիւնը պատահեցաւ, երբ Տէր Յիսուս հոգեւորապէս բարձր վիճակի մէջ էր:

բ. Ֆիզիքական տկարութեան ժամանակ, երբ Ան Ֆիզիքապէս տկար եւ զգացականօրէն սպառած էր:

գ. Փորձութիւնը եկաւ, երբ Տէր Յիսուս առանձին էր.

Սատանան երեք տեսակի փորձութիւններով փորձեց Տէր Յիսուսը խաբել, որոնք մինչեւ օրս մեր դէմն ալ կը գործածէ:

ա. Միայն քու անձիդ վստահելու փորձութիւնը. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին որ հաց ըլլայ»: Այս մէկը ենթադրութիւն չէր, այլ՝ հաստատում մըն էր սատանային կողմէ՝ որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է: Փորձութիւնը շատ անմեղ կը թուի ըլլալ, սակայն, յստակ է սատանային հետապնդած նպատակը. համոզել Տէր Յիսուսը, որ իր Հօրը անհնազանդ ըլլայ, եւ Իր աստուածային զօրութիւնը՝ իր անձնական նպատակին համար գործածէ:

բ. Դիւրին ճամբան ընտրելու փորձութիւնը: Ան առանց խաչի թագաւորութիւն մը կը տրամադրէ: Հետեւաբար, Տէր Յիսուս ինչո՞ւ պիտի չարչարուէր եւ հոգեւոր աշխարհը շահելու համար՝ Իր անձը զոհէր, երբ արծաթեայ ափսէի մը վրայ աշխարհ Իրեն կը տրամադրուէր: Եթէ Ան տեղի տար, մեր անձերուն փրկութիւնը Ան պիտի չի կարենար իրագործել: Շատ անգամ մենք ալ դիւրին ճամբան կ'ընտրենք. «Ինչո՞ւ եկեղեցիին դրամ տամ», «ինչո՞ւ եկեղեցիին մէջ ծառայեմ, ուրիշը թող ընէ»:

գ. Հաւատալ միայն տեսնելու պարագային: Փորձութիւնը յստակ է, թէ՝ երբ մարդիկ այս հրաշքը տեսնէին, Զինք իբրեւ Մեսիա պիտի ընդունէին, մինչ Տէր Յիսուս շատ ուշադիր էր որ այս չըլլայ պարագան, մանաւանդ իր առաքելութեան սկիզբի շրջանին:

Հետեւաբար հարցնելու ենք. «Ինչպէ՞ս կարելի է փորձութեան հետ վարուիլ»: Առաջին, միշտ պատրաստ ըլլալով. «Արթուն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի մեր հակառակորդը, սատանան մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա.Պետ. 5.8): Այս միտքը ուրիշ բացատրութիւն չ'ուզեր: Պատրաստ ըլլալ՝ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով եւ աղօթելով: Երկրորդ, մեր Փրկչին փորձութիւններէն սորվելով:

Հաւատացեալը միշտ պէտք ունի հոգեւորապէս կազդուրուելու, աղօթքի կեանքի եւ հոգեւոր պատերազմի համար, մինչ սատանան՝ մեր հակառակորդը, մռնչող առիւծի նման կը պտըտի՝ մեզ իր փորձութիւններով տկարացնելու եւ Աստուծմէ հեռացնելու: Երկու սուտեր կան, զորոնք սատանան կ'ուզէ որ անոնց հաւատանք. առաջինը՝ «Մէկ անգամ մեղք գործել վնաս չունի». իսկ երկրորդը, «Հիմա որ մեղք գործեցիր, ալ քեզի համար ազատում չկայ. աւելի լաւ է քու մեղսալից կեանքդ շարունակես»: Այո, հոգեւոր պատերազմը կը շարունակուի:

Յ.Ա.Ս.

Wednesday, March 24, 2010

Հրաւէրը՝ Խրախճանքի Հրաւէր Մըն Է

Ղուկ.14.15-24


 

Հրաւէրը՝ մեծ խրախճանքի հրաւէր մըն էր, որուն շատեր կանչուած էին: Մատնանշելու ենք, թէ՝ այս մէկը վերջին վայրկեանի հրաւէր մը չէր: Հրէական սովորութիւն էր որ հրաւէրները կանուխէն ուղարկուէին հրաւիրեալներուն, որ խրախճանքին օրը կը ճշդէր, բայց ոչ՝ ժամը: Հրաւիրեալները այդ հրաւէրը կ'ընդունէին, եւ ետքը՝ խրախճանքի օրը, երբ ամէն բան պատրաստ ըլլար, ծառաները կրկին անգամ անոնց կ'երթային, յայտարարելու համար, թէ՝ խրախճանքը պատրաստ է: Սակայն, հոս՝ հրաւիրեալները զանազան պատճառաբանութիւններ կը ներկայացնեն:

    Այս առակին մէջ, հիւրնկալը կը ներկայացնէ Հայր Աստուած եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է այս խրախճանքին, որ պատմութեան ամենէն մեծ խրախճանքն է, Աստուծոյ Որդիին եւ եկեղեցիին՝ Քրիստոսի եւ Իր հարսին: «Ֆօրզ» երկշաբաթաթերթը կը հաստատէ, թէ՝ արդի պատմութեան մէջ ամենէն սուղ հարսնիքը Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած է, ասկէ քանի մը տարիներ առաջ, Հնդիկ մեծահարուստ երկաթի վաճառական՝ Լաքշմի Միթթալի դուստրին, որ վեց օր տեւած եւ 60 միլիոն տոլար արժած է: Նոյնիսկ այս մէկը կարելի չէ Աստուծոյ խրախճանքի փառքին հետ բաղդատել:


 

Աստուծոյ հրաւէրին նկատմամբ երկու բաներ նկատի առնելու ենք.-


 

  1. Հրաւէրը՝ խրախճանքի հրաւէր է, եւ ոչ թէ՝ թաղումի.

Շատ մը անձեր կը խորհին, թէ՝ Քրիստոնէական կեանքը անհետաքրքիր, ձանձրացուցիչ եւ տխուր գոյութիւն մըն է: Անհաւատներ կը խորհին, թէ՝ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ չխնդալ եւ կեանքէն հաճոյք չառնել: Անոնք ուրկէ՞ կ'առնեն այս գաղափարը. մեզ դիտելով, յատկապէս անոնց՝ որոնք փրկութեան ուրախութիւնը կորսնցուցած են: Անոնք այս գաղափարը կ'առնեն կարգ մը եկեղեցիներ յաճախելով, որոնց պաշտամունքը աւելի թաղումի կը նմանի քան՝ տօնակատարութեան: Պէտք է վայելենք եւ ուրախ ըլլանք Քրիստոսի հետ մեր յարաբերութիւնով: Փրկութիւնը խրախճանք է, եւ ոչ՝ թաղում: Քրիստոնէական կեանքը խրախճանքի սրահ է, եւ ոչ թէ՝ բանտ: Քարոզիչ մը գրած է. «Երբեք չեմ կրցած հասկնալ, թէ՝ ինչո՞ւ կարգ մը քրիստոնեաներ կրնան հաւաքոյթներու երթալ շաբաթ իրիկուն ու կատաղի հնդիկներու նման աղաղակել, եւ Կիրակի առտու եկեղեցի գալ եւ փայտէ հնդիկներու նման լուռ նստիլ»: Տխուր եւ տրտում քրիստոնեայ գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ անոնք հակասական ըմբռնումներ են: Քրիստոնեան պէտք է ուրախ ըլլայ, որովհետեւ փրկուած է:

2- Երկրորդ կարեւոր բանը՝ հրաւէրին նկատմամբ, այն իրողութիւնն է, թէ՝ ամէն բան պատրաստ է եւ, թէ՝ «դուն միայն պէտք է գաս»:

Միջին Արեւելքի մէջ, երբ ճաշի հրաւիրուինք, հրաւիրեալ տիկինները ընդհանրապէս կը հարցնեն հիւրընկալին, թէ՝ ի՞նչ կրնան բերել իրենց հետ կամ ինչպէս կրնան օգտակար դառնալ. ազնիւ ժեստ մը: Բայց երբ Աստուծոյ փրկութեան խրախճանքին հրաւիրուած ես, բան մը պէտք չունիս բերելու քեզի հետ, ոչ ալ կրնաս բան մը ընել օգտակար դառնալու համար, որովհետեւ ամէն բան պատրաստ է: Ինչպէս Տէր Յիսուս 17-րդ համարին մէջ կ'ըսէ. «Եկէ՛ք, վասնզի արդէն ամէն բան պատրաստ է»:

Եթէ աշխարհի տարբեր կարծիքները սերտենք, պիտի անդրադառնաք որ ընդհանրապէս ուրիշ կրօնքներ իրենց աստուածը՝ զոր զօրաւոր եւ վախազդու կը համարեն, երբեք պէտք չէ խանգարեն: Անոնք կրօնական արարողութիւններ եւ ծէսեր կը կատարեն իրենց աստուածը գոհացնելու համար, որպէսզի զիրենք չպատժէ: Անոնք ուրախ կ'ըլլան, եթէ իրենց աստուածը զիրենք երբեք նկատի չառնէ: Անոնց աստուածը կ'ըսէ. «Ինծմէ փախուստ տուէք», եւ անոնք փախուստ կու տան: Բայց Սուրբ Գիրքի Աստուածը ճիշդ հակառակը կ'ընէ. Ան՝ «Ինձմէ փախուստ տուէք» չըսեր, այլ՝ «Ինծի եկէք» կ'ըսէ: Մեր Աստուածը թաքուն, գաղտնի եւ անհասանելի Աստուած մը չէ. քու ամբողջ կեանքիդ ընթացքին պէտք չունիս Զինք փնտռելու, քանի որ Ան մեր մօտն է, ներկայ է:

Կը հաւատամ որ Աստուծոյ նախասիրած բառը «Եկէք» բառն է: Ընդհանրապէս Սուրբ Գիրքին մէջ, Ան մարդիկ իրեն կը հրաւիրէ: Տէր Յիսուս կ'ըսէ. «Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատթ.11.28): Մեզմէ շատեր այս հրաւէրին պէտք ունինք այսօր, որովհետեւ յոգնած եւ բեռնաւորուած ենք եւ հանգիստի պէտք ունինք: Սակայն, այս մէկը Աստուծոյ միակ հրաւէրը չէ: Երբ Աստուած կը պատրաստուէր չար մարդկութիւնը բնաջինջ ընելու, Ան Նոյը կ'առաջնորդէ տապան մը շինելու. երբ օրը կու գայ, Աստուած Նոյէն առաջ տապանին մէջ կը գտնուի եւ Նոյի կ'ըսէ. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը 'եկուր', վասնզի այս դարուն մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ» (Ծննդ. 7.1): (Հայերէն թարգմանութեան մէջ «մտիր» բառը օգտագործուած է, բայց Եբրայերէն պօ բառը աւելի «եկուր» կը նշանակէ): Պէտք ունինք Աստուծոյ տապանին՝ Տէր Յիսուսի ապահովութեան մէջ մտնելու, որպէսզի ջուրերու դատաստանէն փախուստ տանք: Եսայ.1.18-ին մէջ, Աստուծոյ գեղեցիկ Խօսքին կը հանդիպինք. «Հիմա, եկէ՛ք, վիճաբանինք, կ'ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան»: Եթէ մեր սրտերը եւ հոգիները՝ մեր գործած մեղքերուն պատճառով աղտոտած են, Տէրոջը երթանք եւ Ան կատարելապէս պիտի մաքրէ մեզ:

Աստուածաշունչի վերջին էջին վրայ, Աստուած իր վերջին հրաւէրը կու տայ. «Եւ Հոգին ու հարսը կ'ըսեն. 'Եկո՛ւր'. եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ 'Եկո՛ւր' ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ'ուզէ ՝ Կենաց Ջուրը թող ձրի առնէ» (Յայտ.22.17): Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն կը տեսնենք որ Աստուած իր ձեռքը մեղաւոր մարդ արարածին երկարած է, եւ կ'ըսէ. «Եկէք ինծի, որովհետեւ ես ձեզ կը սիրեմ». դժուար է հաւատալ որ ոեւէ մէկը կրնայ այսպիսի հրաւէր մը մերժել, բայց շատեր մերժած են եւ կը մերժեն:

Յ.Ա.Ս.

Followers